2013-05-10 12:51:26

Ուաշինկթըն Կրկին Պաքուին Կոչ Ուղղած Է` Դադրեցնելու Ընդդիմադիրներու Եւ Լրագրողներու Վրայ Ճնշումները


Ազրպէյճանական «Հաքքին.ազ» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներ անգամ մը եւս Ազրպէյճանին կոչ ուղղած են` յարգելու եւ երաշխաւորելու մարդու հիմնարար իրաւունքները եւ ազատութիւնները: ՄԱԿ-ի մարդկային իրաւանց խորհուրդին մէջ Միացեալ Նահանգներու մնայուն ներկայացուցիչ Էյլին Տոնահիու երէկ յայտարարած է, որ Ազրպէյճանի մէջ մարդկային իրաւանց վիճակը կը մտահոգէ Ուաշինկթընը:
Ան դատապարտած է Ազրպէյճանի մէջ երիտասարդ գործիչներու եւ լրագրողներու ձերբակալութիւններու, անոնց նկատմամբ ճնշումներ կիրարկելու, հաւաքներու ազատութիւնը սահմանափակելու դէպքերը եւ ազրպէյճանական իշխանութիւններուն կոչ ուղղած է` յարգելու մարդու հիմնարար ազատութիւնները:
Տոնահիու նաեւ անդրադարձած է ազրպէյճանցի յայտնի լրագրող, «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի ազրպէյճանական ծառայութեան թղթակից Հատիճա Իսմայիլովայի դէմ սկսած հետապնդումներուն եւ դատապարտած կին լրագրողը վախցնելու ու ճնշելու փորձերը:
ՄԱԿ-ի մարդկային իրաւանց յանձնախումբին մէջ Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչը Ազրպէյճանի իշխանութիւնները յորդորած է ազատ արձակել իրենց կարծիքը արտայայտելու համար ազատազրկուած բոլոր անձերը, դադրեցնել ընդդիմադիր գործիչներու հետապնդումները եւ երաշխաւորել հաւաքներու ազատութեան իրաւունքը:








All the contents on this site are copyrighted ©.